2015-11-19 11:45:00

Սուրբ Աթոռի Կղերի Ժողովի համագումարը` “Կոչում, կազմաւորում, առաքելութիւն”։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, նոյեմբերի 19ին, Սուրբ Աթոռի Կղերի Ժողովը համագումար մը կազմակերպած էր Ուրբանեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ։
Այս առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին ուղերձ մը կարդաց, որ կը սկսի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետի Վատիկանեան Բ. Ժողովի բացման ճառէն մէջբերումով (11 հոկտեմբեր, 1962), ուր Սրբազան Պապը կ’եզրափակէր իր խօսքը ըսելով՝ “Ժողովը, որ կը սկսի, կը բխի Եկեղեցւոյ մէջ ինչպէս շքեղագոյն լոյսի մը շողշողուն օրը։ Ամէն ինչ սրբութիւն կը շնչէ, ուրախութիւն կը յառաջացնէ։”

Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի փակման յիսնամեակի առիթով կազմակերպուած յիշեալ համագումարը կը յիշէ սոյն Ժողովի երկու վաւերագրերը՝ Optatam Totius e Presbyterorum Ordinis, “որ եկեղեցւոյ շնորհած են արժէքաւոր նպաստ մը քահանայական կոչումներու եւ քահանաներու ինքնութեան եւ առաքելութեան շուրջ։”

“Քրիստոնէական հաւատքի արմատները կը գտնենք ողորմած սիրոյ մէջ, զոր Հայր Աստուած մեզի կը շնորհէ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ” ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, նկատելով այս իրականութիւնը իբր “բարի լուրը”։ Այս հոգիով է, որ Ծիրանաւորը խորհրդածութիւն կատարեց յիշեալ երկու վաւերագրերու շուրջ։

Այսօր, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը ցցուին Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս անոր հովիւներուն դիմաց։ Ընկերութիւնը եւ մշակոյթը յարատեւ եղաշրջումի մէջ են, եւ կը պահանջեն Եկեղեցիէն՝ ճանչնալ “ժամանակի նշանները”։ Քրիստոնէական քարոզութեան եւ վարքագիծի մէջ կը նկատուի խանդի պակաս մը՝ յատկապէս արեւմուտքի մարդուն մօտ, որ ի դէմս ընկերային, գիտական եւ ճարտարարուեստական անուրանալի յառաջդիմութեան՝ կը փակէ ինքզինք համաշխարհայնացման մէջ, ինչպէս կ՛ըսէր Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետ՝ “կ՛ընթանայ դէպի հոգեւոր հիւծում, եւ սրտի դատարկութիւն։”

Այս մարտահրաւէրները կը յուզեն քահանաներու սրտերը եւ մեզ կը հրաւիրեն ի գործ դնել մեր բոլոր ոյժերը, ըլլայ մարդկային կամ հովուական՝ նեցուկ կանգնելու կոչումներու խթանումին եւ քահանայական ինքնութեան նորոգումին։

Ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ այս ինքնութիւնը Քրիստոսի՝ Բարի Հովիւին նման. ի՞նչպէս սորվիլ Քրիստոսէ այն սէրը, որ մեր սրտերը ատակ կը դարձնէ առաքելութեան. եթէ Բարի Հովիւը՝ օծուած Հօրմէ՝ աւետարանելու աղքատներուն բարի լուրը, տիպար է քահանայական ինքնութեան՝ ուրեմն կազմաւորման ինչպիսի՞ ընթացքներ պէտք է որդեգրել – հարց տուաւ Կարդինալ Փարոլին, աւելցնելով՝ թէ ներկայի համագումարը պիտի աշխատի պատասխաններ առաջարկել այս հարցերուն։

Յիշելով համագումարի բնաբանը, Ծիրանաւորը նկատեց, թէ պիտի քննարկուի “Կոչումը”՝ որովհետեւ ընտրութիւնը Աստուծմէ կու գայ. “կազմաւորումը”՝ որ անհատը կը փոխակերպէ իր ճանապարհի սկիզբէն արդէն, պահելով զայն միշտ իբր աշկերտ Յիսուսի. եւ վերջապէս՝ “առաքելութիւնը”՝ որովհետեւ, ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ՝ “իւրաքանչիւր կոչում առաքելութեան համար է, եւ օծեալ պաշտօնեաներու առաքելութիւնը՝ աւետարանումն է, իր բոլոր ձեւերով։”








All the contents on this site are copyrighted ©.